2014-02-27 13:02:36

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` Եպիսկոպոսներու Ժողովի լիանիստ գումար, հանդիպում Սպանիայի եպիսկոպոսներուն եւ Ֆոքոլարի շարժումի անդամներուն հետ։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հինգշաբթի, 27 փետրուարի առաւօտեան ժամը 10-ին, Վատիկանի ''Պոլոնիա'' սրահին մէջ, մասնակցեցաւ Եպիսկոպոսներու Ժողովի հաւաքին։ Ան ապա ժամը 11-ին, ընդունեց Սպանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի` 11 եպիսկոպոսներ որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Յայտնենք որ Սպանիայի եպիսկոպոսներու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները սկիզբ առին 24 փետրուարին եւ վերջ կը գտնեն 8 մարտին, մինչ յառաջիկայ 3 մարտին Ֆրանչիսկոս Պապը միասնաբար պիտի ընդունի բոլոր եպիսկոպոսները։ Հռոմ կեցութեան ընթացքին Անոնք առիթ կ՛ունենան հանդիպելու նաեւ Վատիկանի զանազան կաճառներու պատասխանատուներուն հետ։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ ժամը 12,30-ին, ընդունեց Ֆոքոլարի շարժումի բարեկամ եպիսկոպոսներ որոնց շարքին էր նաեւ գերապայծառ Օգոստինոս Քուսսան` Գահիրէի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ։ Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ, Սրբազան Հայրը ակնարկեց շարժումի ընդհանուր հաւաքին, որ տեղի կ՛ունենայ այս օրերուն եւ որուն բնաբանն է ''Քրիստոսի աշակերտներու սիրոյ փոխյարաբերութիւնը''։
Այսօրուայ ընկերութիւնը – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – պէտք ունի ապրելակերպի մը վկայութեան, որուն ընդմէջէն յայտնաբերուի մեր Տիրոջ Յիսուսի մեզի բերած նորութիւնը` ''եղբայրներ որոնք իրար զիրար կը սիրե, հակառակ ծագումի, տարիքի եւ բնաւորութիւններու տարբերութիւններուն''։
Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա Յովհաննէս Պօղոս Բ ''Նոր հազարամեայ'' առաքելական թուղթին, որուն մէջ Ան կը գրէ ''Եկեղեցին ըլլալու է հաղորդութեան օճախն ու դպրոցը` այս է նոր հազարամեայի մարտահրաւէրը, եթէ մեր փափաքն է ըլլալ հաւատարիմ Աստուծոյ ծրագիրին ու համապատասխանել աշխարհի ակնկալիքներուն։'' Այս` – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը - հիմնական կէտ մըն է, աւետարանութեան յանձնառումի արդիւնաւէտութեան գծով, որովհետեւ կը յայտնէ մեր Հօր իղձը` որ իր բոլոր զաւակները ապրին որպէս եղբայրներ ու կը յայտնէ Քրիստոսի սրտի փափաքը որ ''ամէնքը մի ըլլան'', ինչպէս նաեւ կը յայտնէ Սուրբ Հոգւոյն շարժիչ ուժը։

Սիրելի եղբայրներ, ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը իր ճառին աւարտին, կը մաղթեմ որ ձեր այս հաւաքը առիթ հանդիսանայ աճեցնելու ''հաւաքական հոգին'' եւ փոխադարձ սէրէն քաղելու` քաջալերանք եւ նորոգուած յոյս։ Թող Տիրամայրը ձեզի ընկերանայ ու թիկունք կանգնի ձեր առաքելութեան։ կ՛օրհնեմ Ձեզ ու ձեզի յանձնուած բոլոր հասարակութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.